2015-05-24 11:16:00

Գահակալութեան արարողութիւն` Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդ Հայր Յովսէփ Պեզեզեանի


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 24 Մայիսի երեկոյեան ժամը 6-ին, Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, տեղի կ՛ունենայ Հայր Յովսէփ Թ. Ծ. Վ. Պեզեզեանի Գահակալութեան արարողութիւնը։

Յայտնենք թէ` 21 մարտ 2015-ին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ընդունելով գերապայծառ Նշան Գարաքեհէեանի հրաժարականը Յունաստանի հայ կաթողիկէ համայնքին վիճակաւորի պաշտօնէն, անոր տեղ նշանակած է գերյարգելի Յովսէփ Թ. Ծ. Վ Պեզեզեանը որ մինչեւ օրս  կը վարէր Հալէպի ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ժողովրդապետի պաշտօնը։

Հայր Յովսէփ Թ. Ծ. Վ. Պեզեզեան վերոյիշեալ արարողութեան աւարտին շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի հանդիսասրահին մէջ ուր տեղի պիտի ունենայ նաեւ հիւրասիրութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.